Սթափելու պահն է արդէն - պիտի հնչէ յաղթանակի ժամը, պատրաստուի՛նք, կազմակերպուի՛նք - Ահարոն Շխրտըմեան

Սթափելու պահն է արդէն - պիտի հնչէ յաղթանակի ժամը, պատրաստուի՛նք, կազմակերպուի՛նք - Ահարոն Շխրտըմեան
shadow
Հայ ժողովուրդի զաւակներ, հայ քաջե՛ր, պիտի հնչէ յաղթանակի ժամը, պատրաստուի՛նք, կազմակերպուի՛նք
Հայրենասիրութիւնը նաեւ հայրենիքի նահատակներուն աւանդը անմար պահելն է - Ահարոն Շխրտըմեան - ՊԱՅՔԱՐ 344
Արցախի արագընթաց եւ ողբալի զարգացումները տխրայուշ նոր թուականներ արձանագրեցին մեր ազգային օրացոյցի էջերուն մէջ: Արցախի կորուստը կը ջլատէ, կը մաշէ, կը կեղէքէ բոլորս : Յուսաբեկուած ենք բոլորս: Պէտք էր խնայուէր բազմաչարչար հայ ժողովուրդին այս նուաստացուցիչ, այս անդառնալի կորուստը:

ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆԱԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՒԱՆԴԸ ԱՆՄԱՐ ՊԱՀԵԼՆ Է

› Aharon Shekerdemian ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ   – ՊԱՅՔԱՐ 344 -  » Ֆեյսբուքում գրել է

Արցախի արագընթաց եւ ողբալի զարգացումները տխրայուշ նոր թուականներ արձանագրեցին մեր ազգային օրացոյցի էջերուն մէջ: Արցախի կորուստը կը ջլատէ, կը մաշէ, կը կեղէքէ բոլորս : Յուսաբեկուած ենք բոլորս: Պէտք էր խնայուէր բազմաչարչար հայ ժողովուրդին այս նուաստացուցիչ, այս անդառնալի կորուստը:

Քանի մը շաբաթ առաջ մտադրած էի յօդուածով մը արժեւորել Արարայի հերոսամարտին Հայկական Լեգէոնի պանծալի սխրագործութիւնները: Դժբախտաբար Արցախի ողբերգական իրադարձութիւնները, արցախահայութեան բռնագաղթը, ահաւոր իրողութեան մը դէմ-յանդիման դրին համայն հայ ժողովուրդը:

Դարձեալ մթնցած է մեր հայրենիքին հորիզոնը, ամպոտած է հայութեան խաղաղ կեանքը: Դարեր շարունակ հարազատ հողին վրայ ապրող Արցախի մեր արիւնակիցները քանի մը օրուան ընթացքին տեղահանուեցան իրենց հայրենիքէն, տունէն ու հողէն: Հակառակ հայրենի իշխանութիւններուն, բարեկամ պետութիւննե-րու, Հայ եկեղեցւոյ, միջազգային բարեսիրական կազմակերպութիւններու, սփիւռք-եան զանազան կառոյցներու մարդասիրական օժանդակութիւններուն՝ ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ մեր հայրենակիցներուն..: Տարագիրը, բռնահանուողը ժամանակի պատահականութիւններուն քմայքին մատնուած աւազահատիկ մըն է պարզապէս..

Այսօր, երբ կ՛ոգեւորուինք Արարայի յաղթանակին պատգամած անձնուիրութ-եան եւ արիութեան վսեմ խորհուրդով, միաժամանակ մեր արտասուքները կը խառնենք Արցախի մեր քոյրերու եւ եղբայրներու արցունքներուն:

Սթափելու պահն է արդէն:

Ժամանակն է, որ բոլորս անխտի՛ր, իրապաշտ մօտեցումով, ինքնաքննադատաբար վերանայինք եւ վերատեսութեան ենթարկենք մեր գոյութեան հիմնակէտերը, մեր համազգային ռազմավարութիւնը (եթէ կայ այդպիսին), համաշխարհային յարափոփոխ պայմաններուն եւ զարգացումներուն լոյսին տակ: Ո՞ւր կը գտնուինք այսօր եւ ո՞ւր պիտի հասնինք ժամանցուած, կարծրացած, անհեռատես եւ կոճղացած հնամաշ գործելաոճով: Պարտաւոր ենք իրականութեան ճշգրիտ հասկացողութեան եւ փորձառութեան լոյսով գծելու մեր վաղուան ուղին: Հեռո՛ւ մեր պարզամտութենէն եւ քաղաքական տհասութենէն ծնած այն վստահութենէն, որ տածեցինք օտարներու հանդէպ, երէկ եւ այսօր: Մեր յոյսը պիտի դնենք մեր սեփական կարողութիւններուն եւ միջոցներուն վրայ: Անոնք են միակ վստահելիները: Անո՛նք են միայն, որ չեն խաբեր մեզ: Արցախի խայտառակ դասը, այս անողոք ճշմարտութիւնը անհրաժեշտ է, որ գնահատենք վերջապէս:

Տարիներով առասպելական գովերգներ հիւսեցինք մեր ազգային բանակին տիրապետած ռազմական արհեստագիտութեան վրայ: Թշնամին զինուեցաւ, իսկ մենք բանակին ու հայ զինուորին դրաամը կողոպտելով զբաղեցանք: Մենք երգերով ու պարերով օրօրուեցանք: Ռուս քեռիին վստահեցանք, կարծես մեր գերին ըլլար ան...: Քեռին ալ ունէր եւ ունի իր ռազմաքաղաքական շահերը, որոնք չեն համընկնիր մերինին հետ, եթէ տակաւին չհակադրուին մեր շահերուն: Իշխանութեան աթոռները գրաւելու ներքին պայքարներով սպառեցինք մեր կարողականութիւնը: Տակաւին...: Ապացուցեցինք, որ մեր երէցով եւ փոքրով տհաս ենք տակաւին, չունինք պետականութիւն կառուցելու տեսիլք, վճռակամութիւն, ձգտում..: Տակաւին...

Ինչպի՞սի հերոս տղաք մեռան... ինչպէ՞ս թողուցինք, որ հոս հասնի...Ինչո՞ւ չկանխարգիլեցինք այս աղէտը... ազգովին, պետականութեամբ, եկեղեցիով, կուսակցութիւններով, մտաւորականներով, ազգովին ձախողեցանք..: Ցաւ կ՛ապրինք բոլորս: Քոչուորները եկան, քաղցկեղի նման յօշոտեցին մեր հայրենիքը, իսկ մենք դարեր շարունակ չկրցանք կանխարգիլել, չկրցանք դիմակայել, որպէսզի ապահովէինք մեր գոյութիւնը եւ ամրագրէինք զայն մեր հայրենիքին վրայ:

Աշխարհի վրայ մէկ օրէնք գոյութիւն ունի, սիրելի՛ ընթերցող, մարդ արարածի ծննդեան առաջին օրէն՝ ու՛ժ, ու՛ժ եւ ու՛ժ: Ու՛ժ դառնալ: Ու՛ժ ունինք՝ իրաւունքը մերն է, ու՛ժ ունիս՝ հողը՝ քուկդ է , ու՛ժ ունիք՝ երկիրը Ձերն է, ու՛ժ ունիս՝ գոյութիւնդ կը պարտադրես: Դժբախտաբար այս է դառն, կոպիտ իրականութիւն:

Դառնութեամբ լեցուած ենք բոլորս: Ցասում կայ մեր մէջ: Պատասխանատուութեան մեծագոյն բաժինը մենք կը կրենք: Եկէք անկեղծ ըլլանք: Մենք ենք այս ողորմելիութեան, ձախորդութեան, թշուառութեան պատասխանատուն: Միջազգաին ընտանիքը լոյս աչքով հայ ժողովուրդը վերցուց եւ դատարկութեան մը մէջ խրեց: Մեղք չե՞ն այդ մայրերը, մեղք չե՞ն այդ որբ երեխաները, այսքան անպատասխանատուութի՞ւն... ո՞ր մէկը ըսել, ո՞ր մէկը խոստովանիլ...

Իւրաքանչիւր անգամ երբ արիւնալի, ցաւոտ կորուստներ կ՛ունենանք, կարօտագին, աղերսագին կ՛երգենք կորուստներուն համար...: Անշուշտ կրնանք տարբեր մեկնաբանութիւններ տալ այս բոլորին, կը յարգեմ եւ կը խոնարհիմ իւրաքանչիւրին զգացումներուն առջեւ, սակայն միւս կողմէ ե՞րբ պիտի սորվի մեր ժողովուրդը, մեր աւագանին, քաղաքական այրերը, ե՞րբ պիտի սորվին:

Այս հասկացողութեամբ առաջնորդուած՝ որքան ալ նսեմացնող, ծանր եւ դաժան ըլլայ Արցախի ճակատագիրը, արցախահայութեան աղէտը ապագայի հեռանկարներով կրնայ օգտակար դաս մը ծառայել բոլորիս, եթէ ունինք մեր սխալները ընդունելու խիզախութիւն, զանոնք չկրկնելու իմաստութիւն:

Որքան ալ ծանր եւ ահաւոր է մեր կորուստը, հետեւանք այն միամտութեան, որ վստահեցանք քրիստոնեայ կոչուած մեծ պետութեանց, բարձր պահենք մեր ազգային իտէալը եւ բարոյականը: Բարձր պահենք մե՛ր պատիւը, ազգային արժանապատուութիւնը: Այո՛ հակառակ մեր կրած պարտութեանց եւ յուսախաբութեանց՝ բարձր պահենք մեր ազգային իտէալը եւ բարոյականը:

Անգութ թշնամին, մեր մեր դրան առջեւ մեր դէմ կեցած, կ՛ուզէ մեզ բոլորովին զրկել մեր հայրենիքէն, ազատութենէն, մեր ոսկորները անգամ մը եւս ցիր ու ցան ընել: Ի՜նչ կը մտածենք մենք այսօր:

* * *

Եթէ մեզի համար թանկ է հայրենիքը, եթէ կը սիրենք ազատ ապրիլ, եթէ մեզի համար նուիրական եւ սուրբ է հայու անունը, արժանապատւութիւնը, ընտանեկան սրբութիւնը,− ապա ժամանակն է, որ պաշտպան հանդիսանանք վտանգուած հայրենիքին: Չապաւինինք օտարին: Օտարը մեզի չօգնեց, վաղը նոյնպէս պիտի չօգնէ: Վայրկեանները, որ կ՛անցնին, կը վճռեն դարերու ճակատագիրը իրենց անջնջելի հետեւանքներով: Սեպտեմբերի յարձակումին կրնան յաջորդել անկանխա-տեսելի իրադարձութիւններ: Հետեւաբար բոլորս, մէկ սիրտ, մէկ բռունցք. այ՛ս պիտի ըլլայ օրուան հրամայականը: Բիւզանդական վէճերը տեղ պիտի չհասցնեն մեզ, վկա՛յ վերանկախանալէ ետք երեսնամեայ անբարունակ տարիները, 44-օրեայ պատրեազմին ողբերգութիւնը, Արցախի կորուստը..

Ժողովուրդներ որքան աւելի յաճախ նային իրենց անցեալի գեղեցիկ յիշատակներուն, այնքան աւելի պայծառ կը տեսնեն իրենց ապագային յոյսը: Այս խորհուրդն է, որ այսօր տիրական պիտի դառնայ մեր ներաշխարհին եւ առօրեային մէջ:

Կը թերթեմ Արարայի հերոսամարտի նախօրէին յայտնապէս անգլիական եւ ֆրանսական կառավարութեանց մեզի տուած սին յոյսերն ու խոստումները, համահայկական խանդավառութիւնը, աշխարհի տարբեր ոստաններէն կամաւորական խումբերու կազմութիւնը: Հակառակ անգլիացիներու ութը ձախող յարձակումներուն, գերմանացիներու եւ թուրքերու կողմէ Արարայի բարձունքի անառիկ հռչակումին՝ Դաշնակից զօրքերու վերին հրամանատարութիւնը որոշեց հայ ժողովուրդի զաւակներուն վստահիլ թշնամիին պաշտպանութիւնը ճեղքելու դժուա-րին առաքելութիւնը:

Հայկական լեգէոնի խրոխտ եւ խիզախ զաւակները հոյակապ խոյանքով մը յարձակեցան Արարա լեռան բարձունքներուն վրայ: Անոնք շանթարձակեցին դարաւոր վրէժը իրենց ժողովուրդին եւ քանի մը ժամուած ընթացքին տիտանական խոյանքով գրաւեցին Արարայի անառիկ դիրքերը, չարաչար փախուստի մատնելով լեղապատառ թշնամին: Պարտութիւնը ամբողջական էր եւ անդառնալի, իսկ յաղթանակը աւելի քան թանկագին եւ հերոսական:

Գերեվարուած թուրք հարմանատար մը ընկճուած շեշտով կը խոստովանէր. «Ես կեանքիս մէջ այսպիսի դիւային յարձակումի չէի հանդիպած: Ի՜նչ խուժում էր ան, ի՜նչ յանդուգն վազք՝ կրակի հեղեղին դէմ...:

Ուղիղ 115 տարի առաջ էր, 19 սեպտեմբեր 1918, Արարայի հերոսամարտով հայ ժողովուրդը համայն աշխարհին ցոյց տուաւ ազատութեան եւ անկախութեան համար ունեցած իր անխորտակելի եւ անվրիպելի կամքը:

Պատի՜ւ հայ զինուրին եւ փա՝ռք անոնց, որոնք ինկան այդ հերոսամարտին, բոլո՛րն ալ ճակատէն ու սրտէն վիրաւոր, բոլո՛րն ալ իրենց վրէժխնդրութեան անփակ աչքերը յառած անարգ թշնամիին, որ փախաւ, սարսափահար հալածուեցաւ այդ շանթող հարուածներուն տակ ու իր փախուստով ալ կնքեց թրքական բանակին վերջնական պարտութիւնը:

Բուռ մը քաջեր ինկան հայրենիքէն հեռու Արարայի բարձունքին վրայ: Հայրենիքի ազատութեան եւ փառքին համար նահատակուեցան անոնք Արարայի բարձունքին վրայ՝ քաջ գիտնալով, որ այ՛ս տեսակ մահերէ կը ծնի հայրենիքը: Սիրելի՛ ընթերցող, հայրենիքը միայն անոնցը չէ, որոնք կը նահատակուին: Արարայի եւ Արցախի հերոսները նահատակուեցան յանուն հայրենիքին, որպէսզի մենք յանուն հայրենիքին սորվինք ապրիլ, անոնց օրինակով պահպանենք մեր հայրերուն մեզի փոխանցած ժառանգութիւնը, մեր նուիրական պատմութեան անեղծանելի մուրհակով ձեռք բերուած ստացուածքը:

Անոնք թշնամիին եւ դաշնակիցին հաւասարապէս ցոյց տուին ազնուականութիւնը մեր ժողովուրդին, ապացուցեցին արդարութիւնը անոր իրաւունքին՝ ազատ ապրելու, եւ իրենց արիւնովը գրեցին փառքի մագաղաթ մը, որ պահանջքի մուրհակ մըն է միաժամանակ:

Հայկական լեգէոնը Արարայի բարձունքէն իր յառաջխաղացքը շարունակեց ու հասաւ, Պէյրութ, ազատագրեց Ալեքսանտրէթը եւ յաղթական մուտք գործեց Ատանա, Այնթապ....՝: Հայկական լեգէոնը փրկեց դաշնակիցներուն պատիւը, փառաւորեց հայ ժողովուրդին արժանապատւութիւնը: Սակայն դաշնակիցները անկեղծ չէին իրենց կատարած խոստումներուն մէջ: Իւրաքանչիւրը մշակած էր սեփական բեմագրութիւնը, յաճախ զիրար հակասող, խաչաձեւող: Պատերազմի աւարին տիրանալու ներքին մրցապայքար գոյութիւն ունէր անոնց միջեւ: Դաժան իրողութիւն է, որ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը, Կիլիկիոյ ինքնավարութիւնը, Արցախի պահանջատիրական պայքարը խաղաթուղթ ծառայեցին այսպէս կոչուած «հայ ժողովուրդին դաշնակիցներուն» ռազմաքաղաքական հաշիւներուն մէջ:

Քեմալական Թուրքիան սիրաշահելու իրենց առնէտավազքին մէջ մոռացութեան տրուեցան հայ ժողովուրդին իրաւունքները եւ Արարայի հերոսամարտէն երկու տարի ետք, օգոստոս 1920-ին պաշտօնապէս լուծարեցին իրենց յաղթանակը, պատիւ եւ արժանապատւութիւն պարգեւող Հայկական լէգէոնը:

Այսօր, 115 տարի ետք, երբ հեռացած ենք Արարայի յաղթանակին հերարձակ խանդավառութենէն, պիտի չմոռնանք Արարայի բարձունքէն աշխարհի չորս ծագերը հնչող պատգամը, որ կ՛ըսէ .«Հայը չի կրնար մեռնիլ, պիտի չմեռնի բնաւ, ան պիտի ապրի ազատութեան երջանկաբեր արեւին տակ, որուն համար դարերով տառապեցաւ եւ զոհաբերեց անյուսահատ»: Այլընտրանք չունի հայը, հզօր պետականութիւն կամ՝ քայքայում:Վստահ եմ, որ բանականութիւնը պիտի յաղթահարէ արկածախնդրութեան եւ մենք ի վերջոյ, պիտի զգաստանանք, զարթնինք մեզ հարուածող ցնցումներէն, յանդգնութիւնը պիտի ունենաք բարեկամը զանազանելու թշնամիէին, պիտի ընտրենք ճիշդ դաշնակիցներ եւ կերտենք դարեր շարունակ մեր ձգտած ազատ, անկախ եւ ժողովրդավար պետութիւնը: Պետութիւն, որ տէր կը կանգնի մեր ազգային ինքնութեան, պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան, մեր պահանջատիրութեան:

Եւ որքա՜ն փառաւոր, վսեմ եւ ուսանելի դասեր մեզի կ՛ընծայեն Արարայի բարձունքին վրայ ննջող այն բուռ մը քաջերը, կողք-կողքի: Անոնք չէին պատկաներ մէկ քաղաքի կամ հոսանքի: Անոնք համախմբուած էին հայկական զանազան ոստաններէ, թրքական եաթաղանէն փախստական, թշուառացած անհատներէ: Անոնք կը մարմնաւորէին համայն հայութիւնը՝ իր ազգային իտէալով եւ վայրագօրէն խոշտանգուած մեր ժողովուրդին սրբազան վրէժխնդրութիւնը: Անոնք կռուեցան հերոսաբար, մէկ իտէալով, մէկ հոգիով եւ միեւնոյն քաջութեամբ: Անոնք կռուեցան մէկ հայու նման: Անոնք հերոսաբար կռուելով ընդհանուր հիացումի արժանացան եւ պանծացուցին հայու անունը:

Արարայի յաղթանակի ուրախութեան արցունքները զսպել փորձող այս տողերուն մէջ ես կը լսեմ ձայնը, կը տեսնեմ դէմքը Արցախի ազատագրութեան համար ինկած մեր հերոսներուն, հայուն փառքն ու վրէժը երդուելով: Այ՛ո, ճակատամարտ մը կորսնցուցինք, բայց պատերազմը չէ աւարտած տակաւին:

Հայ ժողովուրդի զաւակներ, հայ քաջե՛ր, պիտի հնչէ յաղթանակի ժամը, պատրաստուի՛նք, կազմակերպուի՛նք: Ցոյց տանք աշխարհին, թէ մենք մորթուուղ ազգի մը զաւակները չենք: Նայինք յառա՛ջ, միշտ յառա՛ջ: Հայրենասիրութիւնը նաեւ հայրենիքի նահատակներուն աւանդը անմար պահելն է:

Փառք ու պատիւ Արարայի եւ Արցախի դիւցազն նահատակներուն անմահ յիշատակին:

Ծանօթ.− Թրքական պաշտպանութեան դիրքերը այնքան ամուր կազմակերպուած էին, որ նոյնիսկ մեծ դահճապետ Էնվեր՝ «բացարձակապէս անառիկ» անուանած էր զայն, աւելցնելով՝ «Արարան թշնամիին համար երկրորդ Տարտանէլ մը պիտի ըլլայ»:

Related to category Politics

Related to subcategory Armenian Diaspora

Comment on Facebook

Comment on Disqus